2016-09-19 09:47:00

Հանդիսաւոր եւ պաշտօնական նշում` Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակին։


«Ալիք»-ի 85-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը համախմբեց իրանահայութիւնը, Հայաստանն ու սփիւռքը:

85-ամեայ յոբելեանի գլխաւոր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ,  17 սեպտեմբերին, Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Գրիգոր Առաքելեան, Իրանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան եւ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորները, Թեհրանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմերու  առաջնորդները, թեմերու թեմական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, հայ կաթողիկէ համայնքի, աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչները, Իրան գտնուող Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ելոյթ ունեցան «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան եւ օրուան բանախօս, «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր Ալպերթ Աճեմեան:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեանն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը կարդաց նախարարութեան աշխատակազմի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էւելինա Բաղդասարեան, իսկ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեանի ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Վենետիկի «Մխիթարեան» միաբանութեան Յակոբ Մեղապարտ միացեալ մետալը յանձնուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր Ալպերթ Աճեմեանին, իսկ նախարարութեան կողմէ յատուկ յուշամետալ յանձնուեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանին: Ապա գնահատագիրներ յանձնուեցան «Ալիք»-ի պաշտօնէութեան:

Ձեռնարկին ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ «Ալիք»-ի 85-ամեակին առիթով Իրան գտնուող հայաշխարհի լրատուամիջոցներու  ներկայացուցիչներուն:

«Ալիք»-ի 85-ամեակի ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Ձեռնարկին հաղորդավարներն էին Անեթ Բաղդասարեան եւ Հայրիկ Աղանեան:

Նշենք, որ գեղարուեստական բաժինով ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Այրինա Նորաւեան, մեներգով` Մեղեդի Նազարեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Ալին Թաշճեանի, իսկ երգչախմբային կատարումով ելոյթ ունեցաւ «Հայ կին» միութեան կից «Անահիտ» միութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը` Էդիկ Թամրազեանի ղեկավարութեամբ:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Ալիք»-ի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը, նաեւ «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող-վերլուծաբան Նայիրի Յոխիկեանի միջոցով «Ալիք»-ի մասին պատրաստուած տեսերիզէն հատուածներ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.